Top

Support the Seminary Today!

Support the Seminary Today!

Spring 2022

Dear Friend,
Strength can be felt in many ways. We have seen strength in our students, strength in our faculty, and strength in supporters like you. Your heartfelt and generous support has strengthened our mission in another year like no other.
We have all felt the effects of the global pandemic, war and unrest in our homeland and neighboring countries during the past two years. However, our mission at St. Nersess has remained steadfast: to educate the future priests and non-ordained leaders for ministry in the Armenian Church of North America.
On May 21, we launched a new graduate into the world – Dn. Adam Bullock – to do the work of our Lord through the Armenian Church. It is a joyous time of year, full of celebration and pride for all our students’ accomplishments. It also marks the end of the seminary’s fiscal year on May 31.
I ask you to consider making a gift to honor our 2022 graduate and support the education of tomorrow’s church leaders. Our current students are progressing through their theological studies to prepare for the priesthood, working towards their Master of Divinity (MDiv) or St. Nersess the Great for late vocation degrees. In the fall, four new students will arrive. Two, who are from the Western Diocese, will pursue their MDiv degrees and will join a current seminarian from California, and two, who are from the Eastern Diocese, will study Christian Education and the diaconate.
This summer we are launching a four-day Yn. Diane Chevian Memorial Youth Choir Workshop, in addition to our well received Deacons’ Training Program and High School Summer Conference. The Youth Choir Workshop will be offered free of charge to the participants thanks to funding through the Yn. Diane Chevian Memorial Fund.
This fall, St. Nersess will have the honor of hosting an international, hybrid conference in October. The conference will be dedicated to the life and legacy of saints, hierarchs and thinkers from all periods of the Armenian Church’s history who have carried the name Nersess with distinction. Details will be forthcoming.
Please consider a gift today to honor the accomplishment of Dn. Adam Bullock and all those seminarians who came before him and all those who will follow in the coming years. A donation can be made securely online.
With gratitude,

Fr. Mardiros Chevian
Dean

Գարուն 2022

Սիրելի բարեկամներ,

Զօրութիւնն ու եռանդը կը զգացուի շատ մը ձեւերով։ Այդ կը տեսնենք մեր ուսանողներուն, դասախօսներուն եւ ձեր նման Սուրբ Ներսէս Ընծայարանի աջակցողներուն մէջ։ Ձեր սրտանց եւ առատաձեռն աջակցութիւնը տարի մը եւս զօրացուց մեր առաքելութիւնը եւ ո՛չ նման որեւէ անցեալի տարուան մը։

Մենք բոլորս զգացինք համաճարակին ազդեցութիւնը, Արցախի պատերազմին եւ քաղաքական անհանգիստ վիճակը մեր հայրենիքին այս անցնող երկու տարիներուն։ Բայց մեր Սուրբ Ներսէսի առաքելութիւնը մնաց ամուր ու հաստատ՝ կրթելու եւ պատրաստելու ապագայի հոգեւորականներն ու աշխարհական առաջնորդները, ծառայելու Հայ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։

Տարւոյս Մայիս 21-ի աւարտական հանդէսը մօտենալով մենք ուրախ ենք ունենալու նոր աւարտական մը յանձինս՝ Ադամ Սարկաւագ Պուլլոքի, որը պատրաստ է կատարելու Տիրոջ գործը Հայ Եկեղեցւոյ միջոցաւ։ Տարուան մէջ ուրախ ժամանակ մըն է այս շրջանը, լեցուն տօնախմբութեամբ եւ հպարտութեամբ մեր բոլոր ուսանողներուն ձեռք բերած յաջողութիւններով։ Մայիսի 31-ը նաեւ աւարտին կը հասցնէ Ընծայարանիս կրթական այս տարեշրջանը։

Աւարտական հանդէսն ու կրթական տարեշրջանը վերջանալով, պիտի խնդրէի ձեզմէ, որ նուիրատուութիւն մը ընէք ի պատիւ մեր 2022-ի թուականի աւարտականին եւ աջակցիք վաղուան եկեղեցւոյ ղեկավարներուն կրթութեան։ Մեր այսօրուան ուսանողները կը յառաջդիմեն իրենց աստուածաբանական ուսմանց մէջ պատրաստուելու եւ հոգեւորական դառնալու, աշխատելով ձեռք ձգելու իրենց կրօնական ուսմանց Մագիստրոսի աստիճանին եւ կամ Ընծայարանիս՝ Մեծն Սուրբ Ներսէսի կոչման աստիճանին։ Յառաջիկայ աշնան, չորս նոր ուսանողներ պիտի յաճախեն մեր Ընծայարանը։ Անոնցմէ երկուքը Արեւմտեան Թեմէն են եւ պիտի հետեւին Կրօնական ուսմանց Մագիստրոսի աստիճանին, միանալով ներկայիս մէկ այլ Գալիֆորնիայէն ուսանողի մը, իսկ միւս երկուքը, որոնք Արեւելեան Թեմէն են, Քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ Սարկաւագութեան պատրաստութեան պիտի հետեւին։

Այս ամառ մենք պիտի սկսինք քառօրեայ «Երէցկին Տայեան Չէւեան»ի անուան ի յիշատակ Երիտասարդաց Երգչախումբի դասընթացքին, որը կու գայ աւելնալու մեր լաւ ընդունուած սարկաւագաց պատրաստութեան եւ ամառնային երկրորդական վարժարաններու աշակերտութեանց համագումարներուն վրայ։ Երիտասարդներուն Դպրաց Դասերու դասընթացքները պիտի ըլլան անվճար բոլոր մասնակցողներուն համար եւ պիտի հոգացուին «Երէցկին Տայեան Չեւեան» ի անուան հիմնադրամէն։

Այս աշնան, Հոկտեմբեր ամսուն, Սուրբ Ներսէս Ընծայարանը պատիւը պիտի ունենայ հիւրընկալելու միջազգային համագումար մը հեռակայ եւ կամ անձնապէս ներկայ գտնուողներու մասնակցութեամբ։ Համագումարը պիտի նուիրուի սուրբերու կեանքին եւ կտակին, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններէն բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ մտաւորականներու, որոնք Սուրբ Ներսէսի անունը բարձր պահած են։ Այս մասին մանրամասնութիւնները յետագային պիտի ծանուցուի։

Պիտի խնդրէի, որ նկատի ունենաք նուիրատուութիւն մը ընել ի պատիւ Ադամ Սարկաւագ Պուլլոքի յաջողութեանց, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք եկան իրմէ առաջ եւ որոնք պիտի գան իրմէ վերջ։

Պահարան մը ներփակեալ է, որուն մէջ կրնաք զետեղել ձեր տուրքէ զերծ նուէրը եւ կամ ելէկտրոնային կերպով կրնաք ընել ձեր նուիրատուութիւնը www.stnersess.edu.

Աղօթարար՝

Մարտիրոս աւագ քհնյ. Չեւեան
Տեսուչ