Top

Very Rev. Fr. Harutyun Damadyan, a Vartabed of the Armenian Patriarchate of Constantinople, Shares his Memories of Maestro Khoren Mekanejian

Very Rev. Fr. Harutyun Damadyan, a Vartabed of the Armenian Patriarchate of Constantinople, Shares his Memories of Maestro Khoren Mekanejian

ՄԱԷՍԹՐՕ ԽՈՐԷՆ ՄԷՅԽԱՆԷՃԵԱՆԻ ՁԱՅՆԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲՈՎ

Մաէսթրօ Խորէն Մէյխանէճեանի մահուան բօթը արդէն իսկ տարածուիլ սկսաւ Նիւ Եորքէն եւ շրջեցաւ հայկական զանազան օճախներէ ներս, հասնելով ի վերջոյ Հայաստան։ Սովորական անձնաւորութիւն մը չըլլալուն, արդէն իսկ եկեղեցական եւ երաժշտական շրջանակներէ ներս անդրադարձ ունեցաւ մահուան այս լուրը։

Երանաշնորհ Վազգեն Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսի օրով Հայ Եկեղեցւոյ երաժշտական գանձարանին բերած «Խորէնեան» Ս. Պատարագի երգողութիւնը միայն իսկ բաւ էր, որ ինք հանրածանօթ խմբավար մը դառնար։ Իսկ իր տաղանդաւոր երաժշտական կեանքը, առաւել եւս եկաւ իր համբաւը տարածելու եւ երաժշտական իմաստով իր գործունէութիւնը ընդարձակելու եւ երաժշտական կարողութիւնները ի սպաս բերելու Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդին։ Յատկապէս աւելի քան երեսուն տարիներ առաջ, ԱՄՆ-ու Արեւելեան Թեմի օրուան Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեանի հրաւէրով Ս. Վարդան Մայր Տաճար հաստատուելէ յետոյ, անունը յիշատակուեցաւ նաեւ Ս. Վարդան Մայր Տաճարով։

Կ՚երեւակայեմ, թէ հարիւրներով հոգեւորական, երաժիշտ, երգչախումբի անդամներ եւ կամ պարզապէս երաժշտասէր, այս պահուն կը փորձեն վերադարմացնել իր հետ առընջուած յուշերը։ Խորէնը քնացաւ այս աշխարհին մէջ, սակայն իր յուշերը արթնցան իր մահուամբ։ Երաժշտութեան եւ մշակոյթի օրրան դարձած Պոլիսն ալ բնականաբար պիտի միանար այս յիշողութեան եւ իր անցեալի յուշատետրէն պիտի հանէր թերթիկներ, որուն մէջ յայտնի պիտի դառնար, թէ՝ Մաէսթրօ Խորէն Մէյխանէճեանի անունը հետք ունեցած է քաղաքիս մէջ։ 

Այս առիթով մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնել կ՚ուզենք 2013 թուականին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Լուսաւորիչ Դպրաց Դասուն պատրաստած հանդիսութիւնը եւ յաջորդին Մաէսթրօ Խորէն Մէյխանէճեանի եւ երգչախումբի վարիչ Յակոբ Մամիկոնեանի միջեւ եղած նամակագրութիւնը։  

*

Պատրիարքական Աթոռոյ աւանդական Ամանորեան համերգը տեղի կ՚ունենայ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ, 3 Յունուար 2013-ին։ Այս տարուան համերգի պատրաստութեան պարտականութիւնը յանձնուած է Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբին։

Վարիչ Յակոբ Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ եւ Ռոպէր Տօղանայի երգեհոնահարութեամբ, երգչախումբի երկսեռ անդամները մեծ խանդավառութեամբ կը ներկայանան հանրութեան։ Իրենց համերգացանկին մէջ ներգրաւած են Մաէսթրօ Խորէն Մէյխանէճեանի մշակած «Յոյզեր Հայկական», «Ձօն 1700-ամեակի», «Էջմիածին ի Հօրէ», «Քրիստոս Ծնաւ» հոգեւոր եւ աշխարհիկ երգերը։ Այլապէս, այս համերգը առիթ կը դառնայ, որ Մաէսթրօ Խորէն Մէյխանէճեանի մշակումները առաջին անգամ նման հանդիսութեան մը ընթացքին բազմաձայն ձեւով ներկայացուին հանրութեան։

Համերգը մեծ ոգեւորութիւն կը ստեղծէ եւ հանդիսութեան նախագահած Տ. Սահակ Եպս. (այժմ՝ Պատրիարք Հայոց Թուրքոյ) կ՚արտայայտուի հետեւեալ ձեւով. «Լմնցանք։ Մեր եկեղեցիները պիտի կորսուին» յուսահատիչ նախադասութիւնները օգտագործելու փոխարէն, ես կ՚առաջարկեմ որ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի նման երիտասարդ եւ աւանդութեան տէր երգչախումբերու գոյութենէն հաճոյք ստանանք եւ աշխատինք օրինակները շատցնելու համար։

Ունկնդիրներէն եկած դրական անդրադարձէն յետոյ վարիչ Յակոբ Մամիկոնեան, առանց ուշանալու կը փորձէ Խորէն Մէյխանէճեանին հասնիլ, որպէսզի Լուսաւորիչ Երգչախումբի կողմէ առաջին անգամ կատարուած երգեցողութեանց ձայնագրութիւնները ուղարկէ յօրինողին։ Այս մէկը առիթ պիտի ստեղծէր, որ դրական եւ կամ ժխտական անդրադարձը լսէին Մաէսթրօ Խորէն Մէյխանէճեանին։

*

Թանկագին Լուսաւորիչ Երգչախումբ եւ տաղանդաւոր խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան,

Շնորհակալութեամբ ստացայ եւ լսեցի ձեր ուղարկած կատարումներս Լուսաւորիչ Երգչախումբի եւ Մաէսթրօ Յակոբ Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ։

Ես ինքս ըլլալով երաժիշտ խմբավար կրնամ երեւակայել թէ նման համերգներ կազմակերպելու եւ ելոյթ ունենալու համար ինչքան զոհողութիւններ, փորձեր եւ կազմակերպչական աշխատանքներ կան հարկաւոր յաջողութեան հասնելու համար։

Ձեր կատարումները հմայիչ են, յատկապէս ձայներու ձուլուածութեամբ, համահնչունութեամբ եւ երբեմն փրոֆէսիոնալիզմի հասնող կատարողական վարպետութեամբ, որոնք կը պարտինք խմբավար Մաէսթրօ Յակոբ Մամիկոնեանին։

Պոլսոյ հայ համայնքը եղած է մտաւորականներու, երգահաններու եւ երաժիշտ կատարողներու դասական քաղաք մը, ուր իւրաքանչիւրը ձգած է հսկայական ժառանգութիւն եւ հայկական աւանդութիւններ։ Այս ժառանգութեան հանդէպ Պոլսոյ հայ համայնքը կը վերաբերի իբրեւ սրբութիւն եւ անոնք կը պահէ իր սրտին մէջ մեծագոյն նախանձախնդրութեամբ։

«Լուսաւորիչ» Երգչախումբի կատարումները կը տանին այդ խոր արմատներուն եւ իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւն կը մեկնաբանուի մեծ ճաշակով եւ վարպետութեամբ։ Եթէ «Լուսաւորիչ» բառը կը խորհրդանշէ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի անունը, այս պարագային կը դադրի եւ կը նշանակէ ունկնդիրներու հոգիները լուսաւորող, իսկ Յակոբ Մամիկոնեան Վարդան Մամիկոնեանի սուրին փոխարէն իր ձեռքի ժպիտով կը գրաւէ ներկաներու սրտերը։

Կեցցէ՛ Պոլսոյ «Լուսաւորիչ Երգչախումբ»ը եւ անոր տաղանդաւոր խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանը։

Վարձքերնիդ կատար

Խորեն Մէյխանէճեան, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արթիստ, Փրօֆէսէօր

khorenm@armeniandiocese.org

22 Յունուար 2013, Երեքշաբթի

*

Յարգելի Մաէսթրօ, չեմ կրնար բացատրել իմ ապրած երջանկութիւնը, ձեր գնահատանքներով լեցուն ել-նամակին համար…

Ձեռ խօսքերը անմիջապէս փոխանցեցի երգչախումբի անդամներուն եւ իրենք ալ մեծ գոհունակութիւն զգացին ձեր կողմէ եկած այս գնահատանքներով։

Մենք մեծ հաճոյքով եւ սիրով աշխատեցանք ձեր յօրինումները եւ փորձեցինք մեր կարելիով ձեր արուեստը մեկնաբանել, երանի մեզի որ նոյն ինքն յօրինողէն ստացանք մեծ ու փոխանցող եւ լոյս բերող խօսքեր։

Այս առթիւ դարձեալ կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեր ուղարկած ԿԵԱՆՔԻՍ ԵՐԳԵՐԸ գիրքին համար, որուն միջոցաւ առիթը ունեցանք ձեր յօրինումները երգելու։

Ես պիտի փափաքէի ունենալ ձեր բոլոր երգչախմբային յօրինումները, ինչպէս տարիներ առաջ մեր կողմէ մեծ հաճոյքով երգուած Յոյզեր Հայկականը։

Յուսամ Աստուած մեզի իրար տեսնելու բախտը կ՚ընծայէ որպէսզի կարենամ ձեզի իմ շնորհակալութիւնները յայտնել խօսելով դէմ առ դէմ։ Միշտ պիտի զգանք հայրական կեցուածքը անձիս եւ իմ խումբի նկատամբ, հազար սէր եւ յարգանք յարգելի վարպետ։

Յակոբ Մամիկոնեան,

24 Յունուար 2013, Հինգշաբթի

*

2013-էն մինչեւ օրս տարիներ անցան, բայց տասներկու տարուան մէջ աւա՜ղ երկու խմբավարներ երես առ երես իրար հանդիպելու առիթը չունեցան։ Համացանցի ծառայութիւնը օգտագործելով իրարու հետ կապ հաստատեցին եւ գրաւոր ձեւով զրուցելու առիթը ունեցան միայն։ Իսկ այսօր այդ տողերը կը դառնան,  Մաէսթրօ Խորէն Մէյխանէճեանէն Պոլսոյ Լուսաւորիչ Երգչախումբին հասած վկայութիւն մը, որուն մէջ ո՛չ միայն սոսկ երգչախումբի մը մասին գաղափար կը ներկայացնէ, այլ երգչախումբին պատկանած քաղաքին պատմական եւ մշակութային կարողութիւնները կը գնահատէ։

Ուստի, անցեալին իր խօսքին արժանացած երգչախումբի բոլոր անդամները միասնաբար կը վերյիշեն 12 տարի առաջ տեղի ունեցած այս գրառումները եւ որպէս մխիթարական երեւոյթ եւ քաջալերական մղիչ զօրութիւն մը կը պահենք մեր մտքերուն մէջ։ Աստուած հոգիդ լուսաւորէ յարգելի Մաէսթրօ Խորէն։

*

Յ.Գ. Իմաստալից այս նամակագրութիւնները երբ ընթերցեցի, ակամայ վերյիշեցի նաեւ մեր անձնական յուշը։ Աստուածային նախախնամութեանմբ տարիներ առաջ իր գնահատած երգչախումբի նախագահին հետ երաժշտական զրոյց մը կ՚ունենար 2022-ին Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ։

Ս. Վարդան Մայր Տաճարը Արևելեան թեմի բաբախող սիրտն է և կը խորհրդանշէ հայերու պատմական գոյութիւնը Նիւ Եորքէն ներս։ Փառք Աստուծոյ 16 Հոկտեմբեր 2022ին ունեցայ բացառիկ առիթը, այս պատմական տաճարին մէջ Ս. Պատարագ մատուցանելու։ Անմոռանալի յիշողութիւն ունեցայ այս սրբավայրի մէջ՝ ի Քրիստոս իմ սիրելի եղբայրներու եւ քոյրերու հետ։ Հիանալի կատարում ունեցան նաև երգչախումբի անդամները՝ հանրածանօթ Մաէսթրօ Խորէն Մէյխանէճեանի ղեկավարութեամբ։

Երբ Ս. Պատարագը աւարտեցաւ, ինք մօտեցաւ մօտս եւ զրուցեց օրուան երգեցողութեանց մասին, քանզի պատարագիչի բաժիններու երգեցողութիւնը սովորականէն տարբեր եկած էր։ Ինք մեղմ ժպիտով, սակայն նոյնքան ալ լրջութիւնը առանց թողելու հարցուց. «Հայր Սուրբ, այս երգեցողութիւնը գրեթէ առաջին անգամ լսեցի։ Հաճելի բաժիններ ունէր։ Ոեւէ տեղ մը արձանագրուա՞ծ է եւ կամ նօթագրուա՞ծ է»։ Ես ալ քիչ մը կատակով ցոյց տուի գլուխս եւս սիրտս, ըսելով, թէ այստեղ արձանագրուած են։ Երբ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը գեղեցկօրէն կը մեկնաբանուի երգչախումբի մը կողմէ, այդտեղէն ակամայ դուրս կը բխի։ Երաժշտական մասնագիտութեամբ, քանի մը օրինակներ բերաւ եւ ինք եւս գնահատութիւնը յայտնեց։

*

Մաէսթրօ Խորէնի մահուամբ պատմութեան կարեւոր էջերէն մին փակուեցաւ, սակայն կը յուսանք հաւատալ որ «Խորէնեան» Տէր Ողորմեան ամէն անգամ որ երգուի, իր հոգւոյն համար դառնար լուսաւորութեան առիթ եւ խանդաղատանք իր մնացորդաց եւ յաջորդաց։ Աստուած հոգիդ լուսաւորէ յարգելի Մաէսթրօ Խորէն։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Քարոզիչ՝ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց

7 Մայիս 2025, Չորեքշաբթի