Top

Farewell to St. Nersess in New Rochelle

Farewell to St. Nersess in New Rochelle

Հրաժեշտ Նիւ Րօշէլի Ս. Ներսէսին

        Ս. Ներսէս Ընծայարանը շարունակեց իր գործունէութիւնը 37 տարիներ անդադար Նիւ Եորքի Նիւ Րօշէլ քաղաքին մէջ՝ պատրաստելով փաղանգ մը հոգեւորական եւ աշխարհական սպասաւորներու, ինչպէս նաեւ՝ դաստիարակելով  սերունդներ ամերիկածին երիտասարդներու։ Տարւոյս Հոկտեմբերի սկիզբը հրաժեշտ տալով Նիւ Րօշէլի Ուզունեան Տան, բացաւ իր նոր դռները Ս. Ներսէսէն 20 վայրկեան հիւսիս Արմանք գիւղաքաղաքին մէջ, նոր կալուած մը, ուր սկսաւ իր նոր տարեշրջանը խոստմնալից 9 աշակերտներով։
        Նիւ Րօշէլէն իրենց հետ տարին քաղցր յիշատակներ հոգեւոր կոչման մշակման եւ ընտանեկան ջերմ եւ անմոռանալի ապրումներու։ Հարիւրաւոր երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ կարօտով պիտի անդրադառնան նոյն վայրին մէջ իրենց ունեցած ընտանեկան մտերմիկ յիշատակներուն, պիտի շարունակեն խանդավառութեամբ յիշել ամէնօրեայ իրենց երգը. «Մեր տունն է Նիւ Րօշէլ, գեղեցիկ Նիւ Րօշէլ, մեր սիրելի դպրանոց Ս. Ներսէս»։
        Տարիներով իր ամբողջ գործունէութիւնը մէկ շէնքի մէջ անցնելէ ետք նոր Ս. Ներսէսը այժմ կը վայելէ առանձին շէնքերու իւրայատուկ դիւրութիւններ, ամուրի եւ ամուսնացեալ սաներու առանձին բնակարաններ, դասարան, գրադարան, մատուռ, ճաշարան եւ զբօսարան։    Տէր եւ Տիկին Հայկ եւ Էլզա Տիտիզեաններու իշխանական մեկենասութեամբ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի անուամբ Աստուածաբանական Ուսման Կեդրոն հաստատուեցաւ նոր ընծայարանին մեջ։                                                                                                                                             

Կը հայցենք Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ առաջնորդութիւնը։

We bid farewell to St. Nersess in New Rochelle after 37 years of training scores of priests and educating hundreds of young men and women. The current academic year started in our new campus in Armonk with 9 promising young men.

We have carried with us sweet memories from our family life together. Countless young men will carry with them unforgettable memories from the summer study conferences, always remembering “Mer doonn eh Soorp Nersess….”

We are fortunate to have a campus facility for living, studying, worshipping, refectory, and recreation. We are grateful to all our donors, especially Mr. and Mrs. Haig and Elza Didizian for establishing the Karekin I Catholicos Theological Center at St. Nersess.

We ask for the Lord’s blessings and guidance.

Post a Comment